ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ, Սեպտեմբեր 29ին, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ, յունական «Ռեպեթիքօ» (կամ՝ «Ռեմպեթիքօ») ոճի երաժշտութեան նուիրուած երաժշտական երեկոյ մը տեղի պիտի ունենայ «Ապրիլ» գրատան մէջ։
Ներկաները պիտի վայելեն 1920ականներէն 1950ականներու միջեւ սովորաբար Յունաստանի նաւահանգիստներուն մէջ ընդհանրացած երգերու եւ երաժշտութեան ոճին նուիրուած՝ «Կրիք Ռեպեթիքօ» եռեակին կատարումները։
Մասնակցութեան սակը 30 տոլար է, իսկ կանխաւ տեղեր ապահովողներու պարագային՝ 25 տոլար։ Կանխաւ տեղեր ապահովելու համար, այցելել www.itsmyseat.com/abrilbooks կայքէջը, իսկ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէին։
Գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205։