ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 27ին, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ, «Ապրիլ» գրատան մէջ տեղի պիտի ունենայ Վիքթորիա Հարուուտ Պաթլըր-Սլոսի նոր հրատարակուած՝ «Ուրֆայի Դերձակուհին» («The Seamstress Of Ourfa») վէպի ներկայացումը։
Անգլիահայ հեղինակը այս հատորը նուիրած է իր մեծ-մեծ մօր՝ Խաթունի ապրած ոդիսականին, որ կը սկսի Ուրֆայէն ու դէպի Հալէպ գաղթականութեան ճամբէն անցնելով՝ կը հասնի Կիպրոս։
Գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէին։