Կիրակի, 16 Սեպտեմբեր 2018ին, ՀՄԸՄի 100ամեակին առիթով, Կլենտէյլի մէջ տեղի ունեցաւ սկաուտական տողանցք, ապա ժողովրդային փառատօն՝ հայկական երգ-երաժշտութեան ընկերակցութեամբ, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:30:
Տողանցքը սկսաւ ճիշդ կէսօրին, Կլենտէյլի Հանրային գրադարանի դիմացի պուրակէն, ՀՄԸՄի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ, ապա անցնելով Հարվըրտ-Պրենտ-Քոլորատօ փողոցներէն՝ վերադարձաւ նոյն գրադարանի կողքը գտնուող հանրային զբօսայգին: Հոն տեղադրուած էին կրպակ-վրաններ, որոնք կը վաճառէին յուշանուէրներ, գիրքեր, հայութեան ու հայկականութեան առնչուող զանազան իրեր: Մէկ խօսքով՝ հայկական մթնոլորտ կը տիրէր զբօսայգիէն ներս:
Օրուան հանդիսավարները՝ դոկտ. Սիւզի Օհանեան (անգլերէնով) եւ Բալաբէկ Պարսամեան, իրենց բացման խօսքին մէջ ողջունեցին ներկաները, բացատրեցին օրուան խորհուրդը եւ այս փառատօնին նպատակը: Ապա, փողերախումբը կատարեց սկաուտական «Ով Հայ Արի» քայլերգը, որմէ ետք, Շրջանային խմբապետուհի Շարլին Գէօզալեանսի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, նուագուեցան Ամերիկայի եւ Հայաստանի ազգային քայլերգները:
Փառատօնի կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ խօսք առաւ Կարօ Ղազարեան, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ ծերունազարդ ՀՄԸՄական Ցոլակ Յովսէփեանը, որ յայտնապէս յուզուած՝ ողջունեց իր շատ սիրած կազմակերպութեան՝ ՀՄԸՄի հարիւրամեակը, եւ մաղթեց, որ ներկայ արի-արենուշները դառնան այս կազմակերպութեան ղեկավարները ու զայն առաջնորդեն նորանոր յաջողութիւններու:
Ներկաներուն ողջոյնի խօսք ուղղեց նաեւ ՀՄԸՄի Շրջ. վարչութեան փոխատենապետ Սագօ Կարապետեան, որ ընդգծեց ժողովուրդին ու յատկապէս երիտասարդութեան ազգային դաստիարակութեան առումով ՀՄԸՄի ստանձնած կամաւոր ծառայութիւնը:
Այնուհետեւ, գաղութի հանրածանօթ երգիչներ հերթաբար բեմ բարձրացան ու մեկնաբանեցին ազգային հայրենասիրական երգեր՝ մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով:
Ներկայ բազմութիւնը, յատկապէս յետմիջօրէի աւելի նպաստաւոր եղանակին, մեծ խանդավառութեամբ հետեւեցաւ բոլոր երգիչներու ելոյթներուն: Շատեր նաեւ, օգտուելով յարմարութենէն՝ առիթը ունեցան այցելելու զբօսայգիին անմիջապէս կից Հանրային գրադարանը, ուր վայելեցին ՀՄԸՄի 100ամեակի ցուցահանդէսը: Յիշեցնենք, որ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 30 Սեպտեմբեր:
Ժողովրդային այս իւրայատուկ փառատօնը վերջ գտաւ երեկոյեան ժամը 7:30ին: