ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Էդուարդ Աղաջանեան Երեքշաբթի, 18 Սեպտեմբերին, «Ազատութեան» թղթակիցին յայտնեց, որ Հայաստանի երեք նախկին նախագահները՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, Ռոպերթ Քոչարեանը եւ Սերժ Սարգսեանը պիտի հրաւիրուին մասնակցելու Անկախութեան տօնակատարութեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան օրը՝ Սեպտեմբեր 21ին, մայրաքաղաքի մէջ ծրագրուած են շարք մը միջոցառումներ:
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնի օրը ամբողջ hանրապետութիւնը պիտի ապրի տօնին խորհուրդը: Կառավարութիւնը ամէն ճիգ կը թափէ, որ այդ օրը վերածուի իրական տօնի ամբողջ Հայաստանի տարածքին: