ՓԻՈՆԿԵԱՆԿ, «Ռոյթըրզ».- Սեպտեմբեր 18ին, Հարաւային Քորէայի նախագահ Մուն Ճայ Ին պատմական այցելութեամբ մը Հիւսիսային Քորէա ժամանեց եւ օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Ճոնկ Ունի կողմէ։
Երկու ղեկավարները երկու օրերու վրայ երկարող խորհրդակցութիւններու միջոցաւ պիտի փորձեն յատկանշական քայլեր առնել երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ուղղութեամբ:
Քիմ Ճոնկ Ուն դրուատեց Մուն Ճայ Ինի դերակատարութիւնը՝ անցեալ Յունիսին տեղի ունեցած Թրամփի եւ իր միջեւ «պատմական» հանդիպումը իրականացելու բանակցութեանց մէջ, որ, իր պնդումով՝ շրջանին մէջ քաղաքական կացութիւնը կայունացուցած է։
Նշենք, որ Հարաւային Քորէայի նախագահին կ՛ընկերանայ գործարարներու պատուիրակութիւն մը։