ԵՐԵՒԱՆ.- Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեան Երեքշաբթի, 18 Սեպտեմբերին հանդիպեցաւ Չինաստանի ուժանիւթի պետական եւ չինական «Հանըրճի» (Hanergy) ընկերութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի մէջ արեւային վահանակներ արտադրելուն վերաբերեալ հարցեր:
Հանդիպման աւարտին, կողմերը պայմանաւորուեցան յետագայ համագործակցութեան եւ աշխատանքային ձեւաչափով հարցերու քննարկման շուրջ: