ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Վիճակագրական կոմիտէի հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ Հայաստանի մէջ 2018ի Յունուարէն Յուլիս ամիսներուն արտադրուած են 724 համակարգիչներ, որ 2017ի նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճած է 2.2 անգամով:
2017ի Յունուարէն Յուլիս ամիսներուն հանրապետութեան մէջ արտադրուած էին 322 համակարգիչներ:
Ըստ վիճակագրութեան՝ Հայաստանի մէջ այս տարուան եօթը ամիսներուն արտադրուած են 364 «պլանշէթ»ներ՝ 2017ի նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած՝ աճելով 6.6 անգամով:
Նոյն վիճակագրութեան մէջ կը փոխանցուի, որ այս տարի հայկական հեռաձայններ չեն արտադրուած, իսկ 2017ի ժամանակաշրջանին, Հայաստանի մէջ արտադրուած էին 330 բջիջային հեռաձայններ:
Նշենք, որ հայկական «Արմֆոն» (Armphone) հեռաձայններու վաճառքը սկսած էր Յունիս 2016ին: Կառավարութեան 4 Յուլիսի նիստին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կոչ ըրած էր բոլոր քաղաքացիներուն՝ գնումներ ընելու ընթացքին նախապատուութիւն տալու հայկական արտադրութեան: «Անիկա ե՛ւ հաճելի է, ե՛ւ շահաւէտ, ե՛ւ կը մեծցնէ տեղական արտադրութեան ու արտադրողներու հնարաւորութիւնները», ըսած էր վարչապետը: