ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Չինաստանի քաղաքացիական թռիչքներու վարչակազմին հրաւէրով 15 Սեպտեմբերին, Չինաստանի Կուանճոու քաղաքը ժամանեց Հայաստանի քաղաքացիական թռիչքներու կոմիտէի նախագահ Տաթեւիկ Ռեւազեան՝ «Աշխարհի Ուղիներ 2018» (World Routes) ձեռնարկին մասնակցելու նպատակով:
Նոյն ձեռնարկին կը մասնակցէին աշխարհի տարբեր երկիրներու օդանաւային ընկրութիւններու եւ օդակայաններու ներկայացուցիչներ եւ ղեկավարներ:
16 Սեպտեմբերին, Տաթեւիկ Ռեւազեան մասնակցեցաւ «Աշխարհի ուղիներ 2018»ի բացման արարողութեան, ապա կարճ հանդիպում մը ունեցաւ Չինաստանի քաղաքացիական թռիչքներու վարչակազմի ղեկավարի տեղակալ Վան Ճիցինկի հետ: Հանդիպումէն ետք ստորագրուեցաւ «Չինաստանի եւ Հայաստանի կառավարութիւններուն միջեւ օդային հաղորդակցութիւններու մասին» համաձայնագիրը:
Չինաստան այցելութեան ընթացքին կը նախատեսուին նաեւ հանդիպումներ չինական օդանաւային ընկերութիւններու ղեկավարներու հետ՝ Չինաստանէն դէպի Հայաստան ուղիղ թռիչքներու բացման հնարաւորութիւնները քննարկելու նպատակով: