
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- ՀԲԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ, անցեալ տարի առաջին անգամ ըլլալով իրականացած էր Լոս Անճելըսի մէջ ժամանցի եւ լրատուամիջոցներու մարզերու յատուկ վարժողական ծրագիր մը, որուն մասնակցած էին հինգ հայորդիներ:
Ծրագիրը առիթ կ՛ընծայէ հայ ուսանողներուն, որ յատկանշական փորձառութիւն ձեռք ձգեն՝ լրատուական եւ ժամանցի աշխարհի հաստատութեանց մէջ աշխատելով: Անդրանիկ ծրագիրին յաջողութենէն ոգեւորուած՝ այս տարուան ծրագիրին մասնակցեցան 10 ուսանողներ, որոնց «շրջանաւարտից» հաւաքը տեղի ունեցաւ Օգոստոս 9ին, Փասատինայի ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան կեդրոնին մէջ։
Ութ շաբաթեայ սոյն ծրագիրին մասնակիցները ներկայ եղած էին շարք մը աշխատանիստերու. անոնք կամաւոր սպասարկութիւններ մատուցեցին իրենց ապագայ մասնագիտութեան հետ առնչուող հաստատութիւններու մէջ՝ արժէքաւոր փորձառութեացն տիրանալով։
Օգոստոս 9ի ձեռնարկին բացումը կատարած ծրագիրը համակարգեց Սիւզան Սարգսեան, որմէ ետք ելոյթ ունեցան ՀԲԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Շահան Եագուպեան, ինչպէս նաեւ անդրանիկ ծրագիրին մասնակցած Նազան Թիթիզեան, որ վարժողական ծրագիրին ամբողջացումէն անմիջապէս ետք՝ մնայուն աշխատանքի առաջարկ ստացած էր «Գազանճեան-Մէյճըրզ-Ռասքին» («Քէյ.Էմ.Ար.») հաստատութենէն, դառնալով այդ ընկերութեան տաղանդի բաժանմունքի պաշտօնեայ:
Այնուհետեւ, Սարգսեան բոլորին ներկայացուց այս տարուան ծրագիրի մասնակիցները՝ անոնց յանձնելով ծրագիրի ամբողջացման վկայագիրներ։
2019ի ծրագիրին մասնակցիլ փափաքողներուն համար դիմումնագիրներ պիտի սկսին ընդունուելու այս տարուան ձմրան:
Ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել ssargsyan@agbuca.org հասցէին: