ԷՊԻՆԿՏԸՆ-ԱՆ-ԹԷՅՄԶ, Անգլիա.- Բրիտանական «Ռութլեճ» հրատարակչատունը Հոկտեմբեր 12ին պիտի հրապարակէ դոկտ. Վահագն Աւետեանի՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշողութեան Քաղաքականութեան Գիտութիւնն Ու Ճանաչումը» («Knowledge and Acknowledgement in the Politics of Memory of the Armenian Genocide») խորագրուած հատորը, ուր հեղինակը կը քննարկէ Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը՝ շեշտելով, որ այդ կեցուածքը աւելիով քաղաքականացուցած է պատմական այդ հարցը, «որուն իբրեւ հետեւանք՝ յուշերը կը մերժեն մնալ պատմութեան էջերուն մէջ, շարունակելով մնալ վառ ներկայութիւն»։
304 էջնոց լաթակազմ այս հատորը հիմնուած է Շուէտի «Լանտ» համալսարանի պատմութեան բաժանմունքին ներկայացուցած՝ հեղինակի դոկտորական աւարտաճառին վրայ։
Դոկտ. Վահագն Աւետեան խմբագիրն է հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին նուիրուած՝ Armenica.org կայքին, ինչպէս նաեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած Genocide1915.org կայքին։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.routledge.com/product/isbn/9781138318854?source=igodigital կայքէջը։