Մոսկուայի մէջ, 67 տարեկանին մահացաւ քննադատ, գրականագէտ, Ֆէոտոր Տոսթոյեւսկիի ստեղծագործութեան մասնագէտ Կարէն Ստեփանեան:
Ան մահացաւ վիրահատութեան ընթացքին։ «Թաաս» լրատուական գործակալութեան այս մասին յայտնեց բանաստեղծ, Տոսթոյեւսկիի ռուսական միութեան նախագահ Իկոր Վոլկին:
Կարէն Ստեփանեան բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր էր, Տոսթոյեւսկիի ռուսական միութեան փոխնախագահ, «Զնամեա» ամսագիրի խմբագրական խումբի անդամ, Ռուսիոյ Կորքիի անուան համաշխարհային գրականութեան հիմնարկի գիտաշխատող:
Կարէն Ստեփանեան ծնած էր 1952ին, Երեւան: 1974ին աւարտած էր Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրութեան հիմնարկը: