Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդարանը կը տեղեկացնէ, որ Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ Վահան եպս. Յովհաննէսեան, որ միաժամանակ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակն էր, 30 Յուլիսին այս վերջին պաշտօնէն հրաժարականի դիմում յղած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ին:
Ան իր որոշումին որպէս պատճառաբանութիւն ներկայացուցած է առաջնորդարանի անձնակազմին անբաւարարութիւնը՝ նշելով, որ չորս տարիէ ի վեր քարտուղար իսկ չկայ. առաջնորդը յիշած է նաեւ առողջական պատճառներ: