ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Կիրակի, 16 Սեպտեմբերին, Գանատայի հայ համայնքէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի եւ Գանատայի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետուհի Ծովիկ Թերզեանի այցելեցին սահմանամերձ Վահան գիւղը՝ բացումը կատարելու գանատահայ բարերար Մանուկ Չուխաճեանի հովանաւորութեամբ կառուցուած խաղահրապարակին:
Պատուիրակութիւնը նախ այցելեց Վահան գիւղի զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակին կառուցուած յուշահամալիրը, ուր ամփոփուած են 1992-1994 թուականներուն ինքնապաշտպանական մարտերուն զոհուած 15 վահանցի հերոսներ եւ 1 արծուաշէնցի հերոսի աճիւնները:
Նշենք, որ Վահան գիւղը կը գտնուի սահմանէն 3 քմ. հեռու եւ ունի ունի 27 քմ. երկարութեամբ սահման Ատրպէյճանի հետ. անիկա նախապէս կոչուած է Ռուբէն կամ Ռուբէնակերտ, ունի 1060 բնակիչներ, 130 աշակերտներ եւ 43 մանկապարտէզի սաներ: Գիւղը 1991ին անուանուեցաւ Վահան՝ իբրեւ երկրի հիւսիս-արեւելեան դարպաս:
Զոհուած ազատամարտիկներու շիրիմներուն ծաղիկներ զետեղելէ ետք, մասնակիցները ուղղուեցան Պանթէոնի վարի հատուածին կառուցուած խաղահրապարակը:
Բացման հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով, ապա Բաբգէն արք. Չարեան, Գեղարքունիքի մարզպետ Իշխան Սաղաթէլեան եւ Ճամբարակ համայնքի ղեկավար Վազգէն Ադամեան կտրեցին խաղահրապարակի բացման կարմիր ժապաւէնը:
Բացման հանդիսաւոր արարողութենէն ետք խօսք առաւ Գանատայի Բաբգէն սրբազանը, որ ողջունելով մարզի, համայնքի ու գիւղի բնակիչները՝ ըսաւ. «Այսօր, այս գիւղին մէջ, ես կը տեսնեմ արդէն տօնական մթնոլորտ, ուրախութեան ուրուագիծեր՝ յատկապէս մանուկներու դէմքերուն վրայ: Այդ ուրախութիւնը իրենց դէմքերէն երբեք թող չհեռանայ, թող Աստուած օրհնէ մեր մանուկները: Այս գիւղին երեխաները վաղը այս հրապարակին վրայ պիտի մեծնան հայութեան շունչով ու ոգիով, պիտի թրծուին ու պիտի դառնան մեր բանակի հայ զինուորները՝ թշնամիին ըսելով. «Մենք կա՛նք, կ՛ապրի՛նք ու դեռ կը շատանանք»:
Այս առիթով, սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Գեղարքունիքի մարզպետ Իշխան Սաղաթէլեանին, որ հնարաւորութիւն տուաւ խաղահրապարակը կառուցելու, ինչպէս նաեւ բարերար Մանուկ Չուխաճեանին, որ իր աչքերով չէ տեսած այս գիւղը, բայց ապրած է եւ կ՛ապրի հայութեամբ, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին համար:
Գեղարքունիքի մարզպետ Իշխան Սաղաթէլեան՝ իր հերթին՝ յատնեց,- «Երբ 2,5 ամիս առաջ ես աշխատանքային այցով կը գտնուէի Վահան գիւղ եւ տեսայ այս կրակոտ, փայլուն երեխաները‘ մտածեցի, որ համայնքը պէտք է ունենայ խաղահրապարակ, եղածը մեծ բան չէ, սակայն փայլուն օրինակ է‘ թէ ինչպէս մարզպետարանը, համայնքը եւ սփիւռքի մեր բարեկամները շատ արագ ձեռնարկեցին գործ մը եւ մեր մանուկներուն ժպիտ, նոր կեանք ու նոր հնարաւորութիւն պարգեւեցին»:
Գեղարքունիքի մարզպետը գնահատեց աշխատանքը գիւղացիները, որոնք մերժած են վարձատրուիլ իրենց կատարած աշխատանքին համար, իսկ աւելցած գումարով խաղահրապարակ պիտի կառուցուի Ճամբարակ գիւղին մէջ:
«Խաղահրապարակին վայրը պատահական չէ ընտրուած. քիչ առաջ մենք ծաղիկներ զետեղեցինք մեր հերոսներու շիրիմներուն վրայ. մենք պարտք ունինք կատարելիք, մենք պարտաւոր ենք այս եւ սահմանամերձ միւս գիւղերուն մէջ մեր մանուկներու պայմանները բարելաւել: Այս հրապարակին վրայ պիտի խաղան նաեւ մեր հերոսներու թոռնիկներն ու բարեկամները, հարազատները, մեզմէ իւրաքանչիւրը՝ իր կարելիութեանց սահմաններէն ներս՝ ամէն ինչ պէտք է ընել այս ժպտերես, լուսաւոր երեխաներու մանկութիւնը ուրախ դարձնելու համար», ըսաւ Ի. Սաղաթէլեան:
Ճամբարակ համայնքի ղեկավար Վազգէն Ադամեան, իր հերթին, շնորհակալութիւն յայտնեց Գեղարքունիքի մարզպետին իր խօսքին տէրը ըլլալուն համար, ինչպէս նաեւ Բաբգէն արք. Չարեանին եւ բարերար Մանուկ Չուխաճեանին ծրագիրը իրականութիւն դարձնելնուն համար:
Ապա խօսք առաւ զոհուած ազատամարտիկի մայր Յասմիկ Սարիբեկեան՝ ըսելով. «Ես կ՛ապրիմ այս խաղահրապարակին հարեւանութեամբ. ամէն առաւօտ «բարի լոյս» կ՛ըսեմ մեր զոհուած հերոսներուն, կը զրոյցեմ անոնց հետ եւ կը մնամ անպատասխան: Այս գիւղը հերոսներու գիւղ է, եկէք անոնց աշխատանքը շարունակենք»:
Աւարտին, Գեղարքունիքի մարզպետին եւ Ճամբարակի համայնքապետին կողմէ շնորհակալագիրներ տրուեցան Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանին եւ բարերար Մանուկ Չուխաճեանին:
Այնուհետեւ, պատուիրակութիւնը այցելեց գիւղի զօրակայան՝ շփուելու հայրենիքի սահմանը պաշտպանող մեր զինուորներուն հետ: Հանդիպումը յուզիչ էր. Սփիւռքի մէջ մեծցած հայրեր ու մայրեր սեղանակից եղան հայ զինուորներուն եւ իրարու հետ հաց կիսեցին: Զինուորները կարծես անորոշութեան մատնուած էին՝ տեսնելով հայ մայրերու արցունքոտ աչքերը: Մտերմիկ ճաշկերոյթէն ու սրբազան հօր օրհնութենէն ետք պատուիրակութիւնը վերադարձաւ Երեւան՝ առաւել ոգեւորուած եւ գօտեպնդուած: