ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է նեցուկ կանգնիլ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ դառնալու համար Կեւըն Նիւսըմի վարած ընտրապայքարին: Ան ներկայիս նահանգապետի տեղակալ է, իսկ անցեալին եղած է Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետը: Ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Նոյեմբեր 6ին։
«Անցեալ տարուան ընթացքին քանի մը առիթներով յատկանշական խորհրդակցութիւններ ունեցանք նահանգապետի տեղակալ Կեւըն Նիւսըմի հետ եւ անոնց հիման վրայ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը միաձայնութեամբ որոշեց աջակցիլ անոր ընտրապայքարին։ Ան մօտէն ծանօթ է հայ համայնքի մտահոգութեանց, եւ վստան ենք, որ իբրեւ կառավարիչ եւս հաստատ պիտի պահէ մեզի հետ իր յարաբերութիւնները եւ պիտի հասնի համայնքին, ինչպէս նաեւ ամբողջ Քալիֆորնիոյ բնակչութեան կարիքներուն», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան ատենապետ Նորա Յովսէփեան։
Նիւսըմ երկար տարիներով եղած է նուիրեալ հանրային սպասարկու մը եւ նեցուկ կանգնած է ամերիկահայութիւնը յուզող հարցերու: 1997ին Սան Ֆրանսիսքոյի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ դառնալէ ետք՝ ան 2003ին ընտրուած էր քաղաքապետ, ապա վերընտրուած՝ 2007ին: Իբրեւ քաղաքապետ, ան ամէն տարի հրապարակած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը հաստատող հռչակագիրներ եւ մասնակցած ոգեկոչման ձեռնարկներու՝ կոչեր ընելով Միացեալ Նահանգներու նախագահին ու Քոնկրեսին, որ պաշտօնական ճանաչում շնորհեն Ցեղասպանութեան: Նիւսըմ նաեւ նեցուկ կանգնած էր Սան Ֆրանսիսքոյի պատմական Տէյվիտսըն լերան խաչը գնելու գծով Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ ամերիկահայ կազմակերպութեանց խորհուրդի ջանքերուն, որոնց շնորհիւ՝ խաչը վերածուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանի մը:
Ապրիլ 24ին, Լոս Անճելըսի մէջ կայացած Արդարութեան քայլարշաւի մասնակիցներուն տուած իր ելոյթին ժամանակ, Նիւսըմ նաեւ իր աջակցութիւնը յայտնած էր նահանգի հանրային մարզի պաշտօնեաներուն ներդրումները Թուրքիայէն քաշելու համար ՀԵԴի եւ Հայ ուսանողական միութիւններուն սկսած արշաւին, իսկ վերջերս քաջալերական գտած էր Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խաղաղ իշխանափոխութիւնը՝ յոյս յայտնելով, որ անիկա խթան կը հանդիսանայ Քալիֆորնիոյ եւ Հայաստանի ու Արցախի միջեւ յարաբերութեանց սերտացման:
Յիշեցնենք, որ այս ամիս, Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ կայացած Նիւսըմի ընտրապայքարին ի նպաստ դրամահաւաքի մը ընթացքին, Նիւսըմ հանդիպում ունեցած էր Հայ Դատի ներկայացուցիչներուն հետ։ Հայ Դատը Մայիսին եւս կոչ ըրած էր հայութեան, որ Յունիս 5ին կայանալիք նախնական ընտրութիւններուն Նիւսըմի ի նպաստ քուէարկէ։ Այդ ընտրութեանց արդիւնքով, Նիւսըմ կրցաւ դառնալ Դեմոկրատ կուսակցութեան թեկնածուն։
Ընտրապայքարին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.gavinnewsom.com կայքը: