Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի վարած արտաքին քաղաքականութեան՝ ընդգծելով, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները հիմնուած են փոխադարձ յարգանքի վրայ:
Լրագրողը լուսարձակի տակ առաւ այն հանգամանքը, որ վարչապետ ընտրուելէն ի վեր Փաշինեան երեք անգամ հանդիպած է Ռուսիոյ նախագահին հետ՝ հարցնելով, որ Հայաստան արդեօք կրնա՞յ բոլորովին անկախ քաղաքականութիւն վարել:
«Մենք ո՛չ ռուսամէտ ենք, ո՛չ հակառուս, ո՛չ ամերիկամէտ, ո՛չ եւրոպամէտ, ո՛չ իրանամէտ: Հայաստան ինքնիշխան պետութիւն է, եւ իմ կառավարութիւնը հանդէս կու գայ բացառապէս մեր ժողովուրդի եւ մեր երկրի շահերէն մեկնած: Ասիկա պարզ էր Ռուսիոյ նախագահին հետ իմ ունեցած առաջին բանակցութիւններէս ետք, որոնք կը ներառէին անոր յարգանքը մեր ազգային ինքնիշխանութեան՝ սեփական արտաքին քաղաքականութիւն վարելու իրաւունքին նկատմամբ: Երբ ես ընդդիմութիւն էի, ան չմիջամտեց՝ կանխելու մեր յեղափոխութիւնը: Ան չմիջամտեց նաեւ յետոյ, երբ ես դարձայ վարչապետ: Մեր յարաբերութիւնները հիմնուած են փոխադարձ յարգանքի վրայ», պատասխանեց Նիկոլ Փաշինեան:
«Շենգաւիթ» բժշկական կեդրոնի նոր մասնաշէնքի բացման արարողութենէն ետք լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան արձագանգեց Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի այն յայտարարութեան, թէ «Նիկոլ Փաշինեան դեռ պիտի զղջայ, որ իրեն հետ գլուխ դրած է»:
Փաշինեան ըսաւ, որ այդ յայտարարութիւններով Քոչարեան ցոյց կու տայ իր քաղաքական ընկալումներուն եւ ըմբռնումներուն մակարդակը: «Ասիկա իրենց թաղի կռիւը չէ, ուր պարտուողները հեռանալու ատեն կ՛ըսեն‘ «դուն դեռ պիտի զղջաս», ըսաւ Փաշինեան:
Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ Ռոպերթ Քոչարեան նաեւ ըսած է, թէ իշխանութիւնները իր մէջ սպառնալիք կը տեսնեն՝ Նիկոլ Փաշինեան պատասխանեց. «Քոմերսանթ» թերթը ինծի հարցում ուղղած էր, այն մասին, որ կ՛ըսեն, թէ «դուք այդ բանը կ՛ընէք քաղաքական գործօնը չէզոքացնելու համար»: Ես պատասխանեցի եւ հիմա ալ կ՛ըսեմ, որ Ռոպերթ Քոչարեան անունով քաղաքական գործօն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գոյութիւն չունի»:
«Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ որեւէ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն չէ եղած», Կիրակի օր, պատասխանելով «Ազատութեան» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին՝ յայտարարեց Նիկոլ Փաշինեան:
Կիրակի, 16 Սեպտեմբերին, թրքական «Հիւրրիէթ» թերթը հրապարակած էր յօդուած մը՝ ըստ որուն, Թուրքիոյ նախագահը Հայաստանի վարչապետին հեռաձայնած է ապօրինաբար հայ-թրքական սահմանը անցած 16ամեայ Ումութ Ալին ազատ արձակելու խնդրանքով:
«Եթէ որեւէ խօսակցութիւն տեղի ունենայ, մեր հանրութիւնը պիտի տեղեկանայ մեզմէ», աւելցուց վարչապետ Փաշինեան: