ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 39րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ, 13 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին ՄԱԿի Ցեղասպանութեան ուխտի ընդունման 70ամեակին նուիրուած բարձր մակարդակի քննարկում, որուն կազմակերպումը ամրագրուած էր 23 Մարտ 2018ին, Ժընեւի մէջ ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 37րդ նստաշրջանին, ուխտով ընդունուած Հայաստանի նախաձեռնած Ցեղասպանութեան կանխարգիլման վերաբերեալ բանաձեւով:
Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրաբ Մնացականեան, որ հաստատեց, թէ Հայաստան յանձնառու եւ վճռական է մարդու իրաւունքներու օրակարգին, ատելութեան ենթահողի հիման վրայ գործուած յանցագործութիւններուն, որոնց կարգին՝ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլումը յառաջ մղելու շարունակական ջանքերուն:
Ան դիտել տուաւ, որ 1948ին, ընդունելով ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին ուխտը՝ միջազգային հանրութիւնը պարտաւորուեցաւ այլեւս երբեք թոյլ չտալու նման ոճիր: «Անկէ ի վեր մենք բազմիցս բարձրաձայնած ենք «Այլեւս երբեք»ը, սակայն ցեղասպանութիւններու գործադրութիւնը տակաւին չէ դադրած: Արմատականութեան, խտրականութեան եւ ատելութեան միտումները կը ցնցեն միջազգային օրակարգը: Մասնաւորապէս մտահոգիչ է բազմակողմանիութեան եւ մարդու իրաւունքներուն նկատմամբ յարգանքի միջազգային յանձնառութեան զգալի անկումը, այն ժամանակ, երբ մենք աւելի շատ միջազգային համագործակցութեան եւ առաւել ամուր կառոյցներու, յատկապէս ՄԱԿի կարիքը ունինք»:
Ընդգծելով, որ ՄԱԿի անդամներուն գրեթէ քառորդը կը ձգձգէ ուխտին միանալու քայլը՝ նախարար Մնացականեան դիտել տուաւ, որ Հայաստան՝ իբրեւ երկիր, որ հետեւողականօրէն յառաջ կը մղէ ցեղասպանութեան կանխարգիլման օրակարգը, նաեւ ՄԱԿի շրջանակներուն մէջ, կը միանայ ուխտի համընդհանրացման վերաբերող Յատուկ խորհրդականի կոչին:
Կարեւոր նկատելով կրթութեան դերը՝ մարդու իրաւունքներու յարգանքի մշակոյթը յառաջ մղելու հարցին մէջ, նախարարը ընդգծեց, որ 2015ին կայացած «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» համաշխարհային հաւաքին Հայաստան ամուր հարթակ տրամադրեց ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցին մէջ միջազգային համագործակցութեան համար:
Եզրափակելով իր խօսքը՝ նախարար Մնացականեան վերահաստատեց այն խոր համոզումը, որ «Այլեւս երբեք»ը պէտք է միանգամընդմիշտ ամրագրուի: