ԵՐԵՒԱՆ.- Ուրբաթ, 14 Սեպտեմբերին, Բերդ քաղաքի թիւ 3, ինչպէս նաեւ Պառաւաքար, Տաւուշ, Այգեձոր, Արծուաբերդ եւ Մովսէս գիւղերու դպրոցներուն մէջ պաշտօնապէս բացուեցան վերանորոգուած, վերազինուած ու նոր կահոյքով յագեցած բնագիտութեան եւ քիմիագիտութեան տարրալուծարաններ:
Ծրագիրը իրականացած է Հայ օգնութեան ֆոնտի (ՀՕՖ) «Աղքատութեան յաղթահարումը Տաւուշի մարզում» նախագիծին միջոցաւ: