ՊԱՔՈՒ, «Թուրան».- Ատրպէյճանի մէջ Սեպտեմբեր 17-22ին տեղի պիտի ունենան ռազմական լայնածաւալ փորձեր, որոնց ընթացքին պիտի մշակուի Արցախը բռնագրաւելու ծրագիր մը:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ ռազմափորձերուն պիտի մասնակցին «առաւել քան 20,000 զինուորներ, շուրջ 20 հրասայլեր եւ 120 հրետանային ու հրթիռային կայաններ եւ 20 ռազմական օդանաւեր ու ուղղաթիռներ»:
«Զօրավարժութիւններուն ընթացքին պիտի մշակուի հակառակորդի պաշտպանութիւնը ճեղքելու, Լեռնային Ղարաբաղի տարածքէն ներս գտնուող Հայաստանի զինուած խմբաւորումները ոչնչացնելու, հակառակորդի խոր թիկունքին ռազմավարական եւ ռազմական սարքերու ոչնչացման, եւ գրաւեալ տարածքներու ազատագրման գործողութիւններ»:
«Ռազմափորձերուն ընթացքին պիտի գործածուին վերջին տարիներուն ձեռք բերուած նորագոյն սպառազինութիւնը», ըսուած է 14 Սեպտեմբերին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ: