ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արցախի գրասենեակի եւ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ, 11 Սեպտեմբերին, Շուշիի մէջ տեղի ունեցաւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի՝ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100ամեակին նուիրուած «Արամ Մանուկեան. Նամականի» գիրքին շնորհահանդէսը:
Ըստ «Արցախփրէս»ի՝ բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, որ արժեւորեց Ե. Փամպուքեանի կատարած ծաւալուն աշխատանքը:
Նախարարը ըսաւ, որ Արամ Մանուկեան անհատը իր մնայուն գործունէութեամբ, պետականութեան կորուստէն ետք, կրցաւ ստեղծել նոր հայրենիք։
«Բաւական երկար ժամանակ հայութիւնը զրկուած էր անկախութենէ, բայց, ի դէմս Արցախի, Սիւնիքի մելիքութիւններուն, հիւսիս-արեւելեան նահանգներուն մէջ տակաւին կը պահպանուէին պետականութեան սաղմերը: Ծնած ըլլալով Շուշի՝ իբրեւ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ Ա. Մանուկեան կրցաւ,Վան-Վասպուրականի մէջ, 72 օրերու ընթացքին ստեղծել պետական կառավարման համակարգ: Այդ տարիներու փորձը յետագային ան կիրառեց ներքին գործոց նախարար եղած տարիներուն», յայտնեց Լ. Յովհաննիսեան:
Երուանդ Փամպուքեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ գիրքին մէջ զետեղուած է Արամ Մանուկեանի տասնամեայ նամակագրութիւնը՝ ամբողջական բովանդակութեամբ եւ ժամանակագրական հերթականութեամբ. անիկա կ՛ընդգրկէ 1904էն 1915 թուականները:
Հեղինակը յայտնեց, որ տպագրուած նամակները նոր շունչ պիտի հաղորդեն ու պիտի վկայեն այն բախտորոշ դերակատարութեան մասին, զոր Ա. Մանուկեան ունեցած է ազգային-ազատագրական պայքարին մէջ, յատկապէս յաղթանակով պսակուած Վան-Վասպուրականի հայութեան ինքնապաշտպանութեան գործին մէջ:
«Գիրքին մէջ զետեղուած շուրջ 400 նամակները կը վերաբերին հայկական յեղփոխութեան ամենատագնապալի ու բախտորոշ ժամանակաշրջանին, երբ հայ ժողովուրդը պայքար կը մղէր իր ապագային համար: Գիրքը հրատարակուած է 10 տարիներու քրտնաջան աշխատանքին իբրեւ արդիւնք: Այդ տարիներուն ընթացքին ես մանրակրկիտ կերպով ուսումնասիրած եմ այն բոլոր թղթածրարները, որոնց մէջ կարելի էր գտնել Ա. Մանուկեանի գրիչին պատկանող գրութիւններ: Արամ Մանուկեանի առաջին նամակները թուագրուած են Նոյեմբեր 1904, այն ժամանակ, երբ նախքան Վան անցնիլը‘ ան ժամանակաւորապէս կը մնար Իրանի Ատրպատական նահանգին մէջ: Սովորաբար ընթերցումը անոր ձեռագիրներուն, որոնք մեծ մասամբ կը պահուէին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կեդրոնական արխիւին մէջ, մասնաւոր դժուարութիւն չէ ներկայացուցած: Դժուար ընթեռնելի եղած են միայն այն ձեռագիրները, որոնք խոնաւութեան պատճառով հինցած ու խամրած են: Գիրքին մէջ հրատարակուած նամակներուն հասցէատէրերուն անուններն ու տեղանունները գրուած են ծածկանուններով», ըսաւ գիրքին հեղինակը:
Արցախի պետական համալսարանի պատմութեան ամպիոնի դասախօս, փրոֆեսէօր Արարատ Վարդանեան, իր հերթին ըսաւ, որ Ա. Մանուկեան իր յեղափոխական գործունէութիւնը սկսած է Շուշիի թեմական դպրոցին մէջ ուսանելու տարիներուն: Ան մեծ հայրենասէր էր, երկրի արժանի զաւակ, ազնիւ եւ հեռատես քաղաքական գործիչ: Ան իր ամբողջ կեանքը նուիրեց հայ ժողովուրդի պայքարի գործին:
Ա. Վարդանեան կը հաւատայ, որ ընթերցողները, ուսումնասիրելով այս գիրքը՝ դասեր պիտի քաղեն Ա. Մանուկեանի կեանքէն ու գործունէութենէն:
Ձեռնարկին ներկայ էին Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան, Արցախի գրողներու միութեան նախագահ Վարդան Յակոբեան եւ հիւրեր արտերկրէն։