ՊԱՔՈՒ, «Ազերնիուզ».- Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու ժամանակաւոր հաւատարմատար Ուիլեըմ Կիլ Սեպտեմբեր 12ին յայտարարեց, թէ Ուաշինկթըն յոյս ունի, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութիւնը եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ջանքերուն վերականգնումը կը նպաստեն Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման ջանքերու յառաջխաղացքին՝ աւելցնելով. «Այդ առումով կը նկատուին յոյսի որոշ նշոյլներ, ինչ որ շատ ուրախալի է»:
Հաւատարմատարը նշեց նաեւ, որ Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ գործնականապէս մասնակցիլ «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ջանքերուն եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան»։
«Ամերիկա նաեւ մտահոգ է ատրպէյճանցի աւելի քան 1 միլիոն տեղահան եղողներու ճակատագիրով», եզրակացուց ան։