ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Հայց. եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն՝ յառաջիկայ Կիրակի, Սեպտեմբեր 16ը Խաչի Վերացման տօնն է, որ նաեւ Արեւմտեան թեմի եկեղեցիներու Կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտի օրն է:
Հետեւաբար, յառաջիկայ Կիրակի տեղի պիտի ունենայ կիրակնօրեաներու աշակերտներու արձանագրութիւնը։ Կիրակնօրեայի ուսուցիչներն ու աշակերտները իրենց շրջանի եկեղեցիներուն մէջ ներկայ պիտի ըլլան Ս. պատարագի եւ Ս. հաղորդութիւն պիտի ստանան՝ նոր տարեշրջանը աղօթքով սկսելու համար:
Կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ մարմինը Հինգշաբթի, 6 Սեպտեմբերի երեկոյեան, վերամուտի պատրաստութեան իր ժողովը գումարեց Ազգային առաջնորդարանին մէջ, հովանաւորութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի:
«Կը հրաւիրենք մեր ծնողները, որ իրենց զաւակները արձանագրեն Կիրակնօրեայ վարժարան, ուր անոնք հաղորդակից պիտի դառնան մեր եկեղեցական ու ազգային հարստութեանց, պիտի սորվին աղօթք, շարականներ, պիտի ծանօթանան մեր եկեղեցւոյ ու ազգի պատմութիւնը կերտող լուսաւոր դէմքերուն, ու իրենց հոգիները պիտի հարստացնեն մեր եկեղեցական ու ազգային ժառանգութիւններով:
«Մանրամասնութեանց համար, կը խնդրուի կապ պահել մեր եկեղեցիներու գրասենեակներուն հետ», նշուած է Ազգ. առաջնորդարանի դիւանին յղած հաղորդագրութեան մէջ։