ՓՐՈՎԻՏԸՆՍ.- Ռոտ Այլընտ հաստատուած Հայ ուսանողներու միութիւնը (ASA Inc.) կը տեղեկացնէ, թէ Արթուր Հալվաճեանի յիշատակին հաստատուած բանաստեղծական տարեկան 8րդ մրցանքին մասնակցելու համար, բանաստեղծութիւնները պէտք է ներկայացուին մինչեւ Նոյեմբեր 1, իսկ մրցոյթի արդիւնքները պիտի հրապարակուին Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին, յատուկ դատակազմի մը կողմէ:
2010ին մահացած Արթուր Հալվաճեան եղած է Հայկական բանաստեղծութեան ծրագիրի երկարամեայ անդամներէն մէկը ու մաս կազմած է անոր հոգաբարձական կազմին, որ սկսած էր իրականացնելու սոյն մրցանքը:
Մրցանքին կրնան մասնակցիլ Միացեալ Նահանգներ կամ Գանատա ապրող հայեր, իսկ բանաստեղծութիւնները պէտք է ըլլան անտիպ, անգլերէն կամ հայերէն, առաւելագոյնը՝ 50 տող:
Բանաստեղծութիւնները պէտք է ուղարկել ArmenianPoetryProject@gmail.com հասցէին՝ նշելով «Halvajian ASA/APP Poetry competition» տողը:
Իւրաքանչիւր մասնակից միայն մէկ բանաստեղծութիւն կրնայ ներկայացնել:
Մրցոյթը բաժնուած է երեք մասի՝ 12էն 17, 18էն 22, եւ 23էն վեր տարիքի բանաստեղծներու համար: Իւրաքանչիւր բաժինի մէջ առաջնութիւն շահողները պիտի ստանան յաջորդաբար 75, 125 եւ 300 տոլար նիւթական մրցանակ:
Կը խնդրուի բանաստեղծութեան կցել հեղինակին անունը, տարիքը, հասցէն, հեռաձայնի թիւը, իսկ աշակերտներու պարագային նաեւ՝ վարժարանին եւ ուսուցիչին անունն ու հեռաձայնի թիւը։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել http://armenian-poetry.blogspot.com կայքը: