ԼԱ ՔԱՆԻԱՏԱ.- «Սթեֆընիզ» արուեստի ցուցադրասրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ արուեստագէտ Սաշօ Արագածի ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Սեպտեմբեր 19։ Կը ցուցադրուին Արագածի իւղաներկով, ջրաներկով եւ մատիտով ստեղծագործութիւնները։
Ցուցադրասրահը բաց է Երկուշաբթիէն Ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6, Շաբաթ օրերը՝ առաւօտեան ժամը 10։30էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5, իսկ Կիրակի օրերը՝ ժամադրութեամբ։
«Սթեֆընիզ» ցուցադրասրահի հասցէն է՝ 466 Foothill Blvd., Unit C., La Canada, CA 91011:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել
www.stephaniesgallery.com կայքը, կամ դիմել (818) 790-4905 թիւին: