Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին, Երկուշաբթի, 3 Սեպտեմբերին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախեան շարժման 30ամեակին եւ Արցախի անկախութեան 27ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներէն ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը այն նահատակներուն, որոնց նուիրումով կերտուեցաւ արցախեան յաղթանակը:
Բացման խօսքը արտասանեց Վահրամ Էմմիեան, որ ըսաւ, թէ 2 Սեպտեմբեր 1991ին Արցախի Հանրապետութիւնը իր անկախութիւնը հռչակեց հիմնուելով Խորհրդային Միութեան օրէնքներուն եւ անկախ պետութեան ստեղծման համար միջազգային օրէնքի դրոյթներուն վրայ, նաեւ՝ հանդիսացաւ հանրաքուէի արդիւնք, որովհետեւ, ի տարբերութիւն բռնատիրական Ատրպէյճանի, Արցախը ժողովրդավարական հանրապետութիւն է, շրջանին մէջ ժողովրդավարութեան փարոս մը՝ միջազգային ու ժողովրդավարական պետութիւններու ընտանիքներուն անդամակցութեան արժանի:
Ապա ան անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ հայութեան նկատմամբ գործուած թշնամական արարքներուն եւ ահաւոր ոճիրներուն, որոնք ցոյց կու տան, թէ Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը հիմնուած է հայերու նկատմամբ ատելութեան, խտրականութեան, ցեղապաշտութեան եւ սպանութեան մտադրութեան վրայ: «Ուստի Արցախի Հանրապետութիւնն ու անոր ժողովուրդը չեն կրնար մաս կազմել Ատրպէյճանին՝ այն պետութեան, որուն նպատակը Արցախի ժողովուրդի բնաջնջումն է, եւ որուն փտածութիւնն ու բռնատիրութիւնը անյարիր է հայ ժողովուրդի ազատատենչ ոգիին ու արժեհամակարգին», աւելցուց ան:
Վահրամ Էմմիեան նաեւ լուսարձակի տակ առաւ խիզախութեամբ եւ զոհողութեամբ կերտուած թանկագին յաղթանակը, որուն համար իրենց կեանքը նուիրած անմահներուն հոգիները «այս պահուս անկասկած կը խայտան՝ տեսնելով, որ լիբանանահայութիւնը կը շարունակէ իրենց գործը, կը շարունակէ ԹուրքիաևԱտրպէյճան չարիքի առանցքին դէմ պայքարը, կը շարունակէ եւ պիտի շարունակէ ամբողջական մասնակիցը ըլլալ Արցախի Հանրապետութեան վերաշինութեան, տնտեսական զարգացման եւ անկախութեան ճանաչման աշխատանքին»:
Անկէ ետք ցուցադրուեցաւ տպաւորիչ տեսերիզ մը, որուն մէջ կը ներկայացուէր Արցախի պատմութիւնը, ազատագրական պայքարը, կերտուած յաղթանակն ու Հանրապետութեան հռչակումը:
Ապա խօսք առաւ Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանահայութեան‘ արցախցիին վիշտը, ցաւը եւ ուրախութիւնը կիսողին:
Ըստ Բալայեանի, ժողովուրդին մէջ միշտ վառ մնաց այն գաղափարը, որ ինք պիտի ունենայ պետականութիւն: «Այդ պետականութեան գաղափարը ո՛չ միայն Արցախի մէջ սկսաւ ապրիլ, այլ միաժամանակ Արցախի մէջ ծնած գործիչները փորձեցին նաեւ Արեւմտահայաստանի կապուած հարցերը լուծել‘ Նիկոլ Դուման, Արամ Մանուկեան, Վանայ Վարդան, որոնք իսկապէս բերին նոր գաղափար մը, որ առանց պետութիւն ունենալու մենք չենք կրնար ապրիլ եւ յառաջ ընթանալ», հաստատեց ան:
«Ատրպէյճան եւ անոր աջակցող ուժերը անընդհատ կը խօսին Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մասին, մենք անընդհատ կը խօսինք ինքնորոշման իրաւունքի մասին, բայց մենք կարելիութիւն ունինք մեր հարցին լուծում ապահովելու, ինչպէս ինքնորոշման սկզբունքով, այնպէս ալ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքով: Որովհետեւ մինչեւ Ատրպէյճանի մուսաւաթական հանրապետութեան քարտէսին վրայ գծուիլը, որ տեղի ունեցաւ 1918 թուականի Մայիս 27ին, Արցախի մէջ 1917 թուականի դեկտեմբերին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Ապառաժ»ի կառոյցը, Արցախի մէջ գործող քաղաքական ուժերը համախմբեց իր շուրջը եւ պետականութիւն վերակերտեց: 1917 Դեկտեմբեր, տակաւին չկար Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնն ալ. այս գաղափարը մենք պէտք է օգտագործենք, որովհետեւ մենք ստեղծեցինք իշխանութեան մարմիններ, մինչեւ 1918 թուական ունեցանք կառավարութիւն, կառավարութեան ղեկավար, օրէնսդիր իշխանութիւն, բանակ, հրամանատարութիւն», ըսաւ Բալայեան:
«Ժողովուրդը ունի ասացուածք մը, որ կ՛ըսէ, թէ հայրենիքը աւելի կը քաղցրանայ, երբ անոր վրայ արիւն կը հեղուի եւ քրտինք կը թափի: Մենք թէ՛ արիւն հեղած ենք, եւ թէ՛ քրտինք թափած ենք: Մենք պատրաստ ենք այդ բեռը մեր ուսերուն տանելու եւ կը կարծեմ, թէ յաջողութեամբ կը տանինք շնորհիւ մեր բոլոր հայրենակիցներուն աջակցութեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն, ձեզի՝ լիբանանահայեր, ընդհանրապէս սփիւռքահայեր: Համոզուած եմ, որ միացեալ ուժերով, ինչպէս մենք 91-94 թուականին կերտեցինք մեր յաղթանակը, մենք պիտի յաղթենք նաեւ խաղաղ շինարարութեան, ոչ պատերազմ-ոչ խաղաղութիւն ժամանակաշրջանին, եթէ մենք միասնական կերպով անցնինք այս ուղին», հաստատեց Բալայեան:
Ապա Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահը ներկայացուց այսօրուան Արցախը՝ իր ձեռքբերումներով եւ կորուստներով:
«27 տարիներուն ընթացքին մենք յաջողեցանք ստեղծել քաղաքական համակարգ, պետութեան կմախքը, ինչ որ շատ կարեւոր է. հասկնալի է, որ սկզբնական շրջանին ՀՅԴն էր, բայց մենք յաւակնութիւններ չունինք, որ այդ դաշտին մէջ միայն մենք էինք, այլ 1990ական թուականներէն մենք կարելիութիւն ստեղծեցինք, որ ասպարէզին վրայ երեւան նաեւ քաղաքական ուժեր, որովհետեւ այլակարծութեան պայմաններու մէջ մենք պիտի կարենանք ժողովրդավար երկիր կերտել: Փառք Աստուծոյ, այս տասնամեակներուն Արցախի մէջ ծնունդ առին կուսակցութիւններ, ի հարկէ անոնք ձեւաւորման ընթացքի մէջ են, սակայն համոզուած եմ, որ այս ուղիով մենք աւելիով պիտի ամրապնդենք մեր քաղաքական համակարգը», ըսաւ Բալայան:
Ազգային ժողովի փոխնախագահը լուսարձակի տակ առաւ քաղաքական-դիւանագիտական յաջողութիւնները, խօսեցաւ Ատրպէյճանի սեւ ցանկին մասին, որ այդքան ալ կարեւորութեան չ՛արժանանար այն անձնաւորութիւններուն կողմէ, որոնք Արցախ կու գան տեղւոյն վրայ ծանօթանալու իրավիճակին, կը գիտակցին, որ մարդու իրաւունքներու սկզբունքները, ժողովրդավարութիւնը լիովին յարգուած են Արցախի մէջ, եւ անոնք կը դառնան Արցախի անպաշտօն դեսպանները:
«Այն զգօնութիւնը, զոր այսօր արցախահայութիւնը ունի, միայն ու միայն պատիւ կը բերէ այդ ժողովուրդին: Հայաստանի վերջին զարգացումներու խորապատկերին վրայ, երկրի ազգաբնակչութիւնը բաւական զուսպ կը պահէ ինքզինք, ոչ թէ այն պատճառով, որ Արցախի մէջ ալ հիմնախնդիրներ ու հարցեր չկան, շատ կան, սակայն ան կը գիտակցի, որ ինք սահմանապահ է, քաջ կը գիտակցի, որ որեւէ անկայունութիւն մեզի համար կործանարար կրնայ ըլլալ: Այս տեսանկիւնէն մենք՝ քաղաքական ուժերս, հանրապետութեան ղեկավարութիւնը, կը ձգտինք ժողովուրդին հետ համաքայլ ըլլալով անկէ անջատուած չըլլալ, փորձել ժողովուրդին հոգերուն լուծում ապահովել: Բնականաբար ամէն ինչ միանգամայն չի լուծուիր, բայց կարեւորը այն է, որ այսօր մեր զինուորը ապահով կանգնած է մեր սահմանին վրայ, եւ մեր երեխաները, կիներ, խաղաղ ազգաբնակչութիւնը ինքզինք ապահով կը զգայ երկրին մէջ:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին խօսքը փոխանցեց Յովիկ Պերթիզլեան, որ լուսարձակի տակ առնելով 1988 փետրուարին հայ ժողովուրդին առած վճռական քայլը, որ պիտի հունաւորէր հայ ազգի ապագան, ըսաւ. «Թրքական կրունկին տակ ճնշուած Արցախը սկսաւ հայոց հողահաւաքը: Արցախի ժողովուրդը եղաւ համապատասխան իր ազատատենչ նկարագիրին: Ազերիական ճնշումներուն տակ հիւծող Արցախին, Թուրքիոյ սպառնալիքներուն ենթակայ Հայաստանին եւ իր ազգային ինքնութիւնը պահելու համար գերմարդկային ճիգեր գործադրող սփիւռքին հայութեան համար Արցախի ազատագրական պայքարի յաղթանակով պսակուիլը նշեց պատմական շրջադարձ մը: Հայ ժողովուրդը խորտակեց ստորակայութեան շղթաները, ինքզինք վերահաստատեց իբրեւ կենսունակ ու մարտունակ ազգ եւ շրջանին մէջ վերականգնեց իր ռազմաքաղաքական դիրքը: Արցախի անկախացումով հայ-թրքական աշխարհաքաղաքական ճակատումը ստացաւ անտեղիտալի բնոյթ: Նժարի վրայ էին հայ ժողովուրդին գոյութիւնը եւ համաթուրանականութիւնը, կշիռքին նժարը թեքեցաւ հայերուն կողմը՝ այսուհետ բացառելով նահանջն ու ետդարձը. ասով կը բացատրուին կացութիւնը ի նպաստ իրենց շրջելու Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ անդուլ ճիգերը»: Պերթիզլեան յիշեցուց, որ այս տարի նշեցին Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման 100ամեակը, Արցախի շարժումի սկզբնաւորութեան 30ամեակը եւ անկախութեան հռչակման 27ամեակը՝ հաստատելով, որ 100 տարի առաջ սկսաւ պատմական շրջադարձ մը, որովհետեւ մինչ այդ մեր պատմութիւնը դէպի անդունդ գացող ընթացք ունէր: Հարիւրաւոր տարիներ միշտ կորուստ տուած են՝ հող, թիւ, մշակոյթ, ամէն բան, մինչեւ 19րդ դարու աւարտ մեր պատմութիւնը ապրած է անկումներու շրջան: Ըստ անոր, Ցեղասպանութենէն 50 տարի ետք Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ հայութիւնը կրցաւ ոտքի կանգնիլ ու մտաւ քաղաքական բեմ, բայց եւ այնպէս ասիկա կարելի չէր ընել, եթէ 1917-1918 թուականներուն Արցախի պայքարը, դարձեալ Մայիս 28ով ստեղծուած անկախ Հայաստանը գոյութիւն չունենային:
«Այդ շարժումներուն, հայ յեղափոխութեան շնորհիւ, Մայիս 28ի, Սարդարապատի շնորհիւ, Արցախի պայքարին շնորհիւ, հայ ժողովուրդի պատմութեան դէպի անդունդ գլորիլը կանգ առաւ: Սկսանք պետականաշինութեան, դրինք հիմերը ամուր, ժողովրդավար պետականութեան, ուժեղ բանակի, նաեւ սկսանք հողահաւաքի: Թէեւ խորհրդայնացումով ժամանակաւորապէս մեր վերելքը կասեցուեցաւ, բայց մենք միշտ պէտք է յիշենք, թէ Արցախի ժողովուրդը երբեք չընկրկեցաւ եւ միշտ ալ պահանջեց վերամիանալ Հայաստանին», հաստատեց ան‘ անդրադառնալով այդ ժամանակաշրջանին Արցախի ապրած պայմաններուն: Ան յատկապէս յիշեց 1937 թուականը, երբ հայութիւնը կորսնցուց իր սերուցքը՝ մտաւորականութիւնը, Հայաստանի մէջ ու Արցախի, նաեւ Համաշխարհային Բ. պատերազմին տուաւ զոհեր, հողեր կորսնցուց, սակայն, հակառակ այս բոլորին, հայութիւնը կրկին մնաց անկոտրում, իր մէջ պահեց ուժը‘ վերանկախանալու, վերանկախացաւ եւ կատարեց հողահաւաք:
Յովիկ Պերթիզլեան հաստատեց, որ մենք ամբողջութեամբ չկարողացանք վերաշինել Արցախը, տնտեսապէս հզօրացնել զայն, իսկ մեզմէ պահանջուածը գործակցութիւն է, թիկունք ըլլալ այդ հողին վրայ ապրող իւրաքանչիւր անհատի, որ ինքնին զինուոր է, չբաւարարուիլ տարին անգամ մը հանգանակութիւններու մասնակցելով, այլ Արցախը մեր առօրեային մէկ բաժինը դարձնել, միշտ մտածել, որ իւրաքանչիւրս ընելիք ունինք Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման համար, սփիւռքի դիմագիծի պահպանման համար, մեր արժեհամակարգերով ապրելու համար: «Այսօրուան նշումը ընդամէնը նշում է, որ օգտակար կը դառնայ մեզի մտածել տալու, որ յառաջիկային մենք չգործենք այն սխալները, զորս վերջին երեսուն տարիներուն գործեցինք: Այս մտածումները, ապրումները մենք պէտք է գիտնանք ժողովրդականացնել, որովհետեւ սրահին մէջ եղածները չեն բաւեր, ժողովուրդը պէտք է այս ապրումներով երթայ իր աշխատանքին, ամէն օր մտածէ քար մը աւելի դնելու հայրենաշինութեան, Արցախի պաշտպանութեան համար», եզրափակեց Յովիկ Պերթիզլեան:
Աւարտին իր օրհնութեան խօսքը արտասանեց նորընտիր առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան: