ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- PicsArt ընկերութիւնը կը փորձէ Հայաստանի մէջ զարգացնել արհեստական բանականութեան եւ մեքենայական ուսուցման ոլորտը: Այս առթիւ, ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան Սեպտեմբեր 7ին այցելեց PicsArt ընկերութիւնը: Այցին նպատակը՝ Հայաստանի Տեղեկատուական արհեստագիտութեան (ՏՏ) ոլորտի առկայ խնդիրներուն ու զարգացման ուղիներուն ծանօթանալն էր:
Այցի ընթացքին, PicsArt ընկերութեան գործադիր տնօրէն եւ սեփականատէր Յովհաննէս Աւոյեան, ընկերութեան համասեփականատէր Արտաւազդ Մեհրաբեան եւ ընկերութեան հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Միքայէլ Վարդանեան, նախագահ Արմէն Սարգսեանը ծանօթացուցին հայաստանեան գրասենեակին, ինչպէս նաեւ պատմեցին PicsArt-ի յաւելուածի (App) զարգացման, կառուցուածքին եւ նուաճումներուն մասին:
Յովհաննէս Աւոյեանի խօսքով, իրենց ընկերութիւնը յաջողած է համաշխարհային ճանաչում վայելող յաւելուած ստեղծել Հայաստանի մէջ, ուստի՝ անհրաժեշտ կը նկատեն իրենց փորձը օգտագործել նաեւ յօգուտ Հայաստանի ՏՏ ոլորտի զարգացման:
«Ունենալով արհեստական բանականութեան ու մեքենայական ուսուցման կիրառման մեծ փորձ՝ կը ջանանք այս արդիական ոլորտը օգտագործել ե՛ւ մեր երկրի տնտեսութեան զարգացման, ե՛ւ Հայաստանի ՏՏ ոլորտի յառաջընթացին համար», հանդիպման ընթացքին յայտնեց Աւոյեան:
PicsArt-ը աշխարհի ստեղծագործ արտայայտումներու ամենամեծ հարթակն է: Նկարներու խմբագրման եւ ստեղծագործ արտայայտման համար նախատեսուած այս յաւելուածը ունի 500 միլիոնէ աւելի ներբեռնում եւ ամսական 100 միլիոնէ աւելի օգտատէր: Ամէն ամիս, PicArt-ի օգտատէրերը կը ստեղծեն եւ կը վերափոխեն շուրջ մէկ միլիառ պատկեր եւ տեսանիւթ:
Յաւելուածը Google Play-ի եւ App Store-ի կողմէ բազմիցս ճանչցուած է իբրեւ լաւագոյն յաւելուած: Իսկ 2015ին, «Ֆորպզ» ամսագիրը PicsArt ընկերութիւնը ընդգրկած էր ամէնէն արագ աճող StartUp-ներու ցանկին մէջ: