ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Չորեքշաբթի, 5 Սեպտեմբերին, Ամերիկաի Միացեալ Նահանգներու (ԱՄՆ) դեսպանատունը եւ ԱՄՆ առետրական ծառայութեան Մոսկուայի գրասենեակը՝ հայկական ID դրամատան հետ համատեղ կազմակերպեցին միօրեայ համաժողով:
«Գիտեմ, որ այսօր սկիզբ կ՛առնեն բազմաթիւ յաջող ձեռնարկներ: Յուսով եմ՝ ԱՄՆ դեսպանատունը կը կարողանայ պարարտ հող նախապատրաստել հայաստանեան գործարարների եւ ամերիկեան ընկերութիւնների միջեւ կապերի ձեւաւորման համար, ապա՝ մենք յետ կը քաշուենք, եւ դուք արդէն կ՛անէք այն ինչ, ձեզ մօտ լաւ է ստացւում եւ կը զարգացնենք ձեր բիզնեսը», համաժողովի բացման խօսքին մէջ նշեց Հայաստանի մօտ ԱՄՆ դեսպան Ռիչըրտ Միլս:
Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեանի խօսքով՝ ԱՄՆի դեսպանատան նախաձեռնութիւնը կը վկայէ, որ երկու երկիրներու տնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ կան լայն հնարաւորութիւններ, որոնք պէտք առաւել արդիւնաւէտ օգտագործել:
«Ցանկանում եմ, որ այս համաժողովը լինի արդիւնաւէտ եւ նպատակային, որովհետեւ մենք կարիք ունենք ոչ միայն երկխօսութեան, այլ նաեւ համագործակցութեան, հնարաւորութիւնների ընդլայնման, ինչու չէ՝ նաեւ ակնկալիքների», ըսաւ նախարարը:
Մինասեանի խօսքով՝ նախարարութիւնը շարք մը նոր նախաձեռնութիւններ սկսած է, որոնք շատ աւելի կ՛ընդլայնուին եւ կը մեծցնեն ներդրողներու հնարաւորութիւնները:
Ըստ կազմակերպիչներուն համաժողովը մէկ հարկի տակ հաւաքեց հայ եւ ամերիկացի գործարարներուն՝ օգնելով ձեւաւորել նոր գործընկերութիւններ հիւրընկալութեան, մանրածախ վաճառքի, զբօսաշրջութեան ոլորտներու մէջ: Երեք ամերիկեան ընկերութիւններ՝ Papa John’s Pizza-ի, Baskin Robbins-ի եւ Domino‘s Pizza-ի ներկայացուցիչներու հետ միասին համաժողովին ներկայ էին աւելի քան 50 հայ գործարարներ եւ պետական պաշտօնեաներ: