Արցախ այցելած զբօսաշրջիկներու թիւը՝ 2017ի առաջին կիսամեակին համեմատ, այս տարուան նոյն ժամանակահատուածին աճած է 41 տոկոսով։ Այս մասին, ըստ «Արցախփրէս»ի, յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Արտակ Գրիգորեան: Ան տեղեկացուցած է, թէ Արցախ այցելող զբօսաշրջիկներու աշխարհագրութիւնը եւս ընդլայնած է:
«Նախորդ տարի, Արցախը 95 երկիրներէ հիւրընկալած էր հազարաւոր զբօսաշրջիկներ. անոնց մեծ մասը Ռուսիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Իրանէն եւ եւրոպական այլ երկիրներէ ժամանած էր: 2017ին, առաջին անգամ ըլլալով զբօսաշրջիկներ ունեցած ենք նաեւ Քամերունէն, Մոնկոլիայէն, Պենինէն եւ Սալվատորէն», մանրամասնած է Գրիգորեան:
Զբօսաշրջիկները հիմնականօրէն կը հետաքրքրեն Արցախի գեղատեսիլ բնութիւնը եւ պատմաճարտարապետական յուշարձանները, որոնցմէ Գրիգորեան առանձացուցած է Գանձասարի վանական համալիրը, Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանը, Տիգրանակերտն ու Հունոտի կիրճ բնապատմական արգելոցը:
«Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի շահագործումէն ետք, զբօսաշրջիկներու մեծ հոսք կը նկատուի նաեւ դէպի Դադիվանք վանական համալիր: Իբրեւ յատուկ զբօսաշրջային կեդրոն, կ՛առանձնացուի նաեւ Շուշի քաղաքը, որ վերջին տարիներուն կը համալրուի զբօսաշրջային նոր ենթակառուցուածքներով», նշած է ան: