ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու (ԼՊՄ) Ընդհանուր վարիչ մարմինին կազմակերպութեամբ, 28 Օգոստոսին, Այնճարի ՀՅԴ ԼՊՄի բանակավայրին մէջ ընթացք առաւ երէց պատանիներու տարեկան բանակումը:
Ինչպէս կրտսեր պատանիներու բանակումը, նոյնպէս այս բանակումը նուիրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100ամեակին: Ընդհանուր վարիչ մարմինին հրաւէրով, այս տարուան պատանեկան բանակումին կը մասնակցին նաեւ ՀՅԴ Սուրիոյ եւ Կիպրոսի պատանեկան միութիւններէն 6 պատանիներ եւ 2 պատասխանատու ընկերներ:
Բանակումին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ կէսօրին՝ դրօշակի արարողութեամբ, մասնակցութեամբ 120 երէց պատանիներու եւ 20 ընկերներէ բաղկացած խմբապետական կազմի: Մասնակից պատանիները բաժնուած էին չորս խումբերու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը կրէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վարչապետներէն մէկուն անունը:
Վեց օրուան վրայ երկարող այս բանակումին ընթացքին, պատանիները պիտի հետեւին դաստիարակչական ծրագիրի, որ կ՛ընդգրկէ նիւթեր առնչուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ ներկայ Հայաստանի իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ մարզանքի կարեւորութեան մասին զրոյց մը: Տեղի պիտի ունենան մարզական խաղեր, ռատիոժամի եւ ձեռային աշխատանքի պատրաստութիւն, խմբային աշխատանքներ եւ մրցումներ, զարգացման մրցում, այցելութիւն լողաւազան եւ գիշերային խարոյկին շուրջ ընկերային մթնոլորտ:
Պէտք է նշել, որ այս տարի Այնճարի ՀՅԴ ԼՊՄի բանակավայրի խոհանոցը եւ լուացարանները նորոգուեցան, ինչպէս նաեւ բանակավայրը օժտուեցաւ ճաշասեղաններով եւ նստարաններով:
Ինչպէս կրտսեր պատանիներու բանակումին, երէց բանակող պատանիներուն ծնողները եւս այս տարի հրաւիրուած են բանակավայր ներկայ գտնուելու վերջին գիշերուան խարուկահանդէսին՝ ծանօթանալու համար բանակավայրին եւ մեր պատանիներու աշխատանքներուն ու միասնաբար խարոյկին շուրջ տօնելու Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100ամեակը: