ՊՈՍԹԸՆ.- Յուլիս 20-22ին Պոյամեան ընտանիքէն աւելի քան 50 անդամներ հաւաքուեցան Պոսթընի մէջ, իրենց երկրորդ ընտանեկան հաւաքին առիթով: Առաջին հաւաքը տեղի ունեցաւ 2016ին, Սեն Տիէկօի մէջ:
Այս երկրորդ հաւաքին մասնակիցները եկան Գանատայէն, Քալիֆորնիայէն, Փենսիլվենիայէն, Նիւ Եորքէն եւ միացան ընտանիքի մնացեալ անդամներուն, որոնք կ՛ապրին Մեծն Պոսթընի շրջանը:
Կազմակերպիչ յանձնախումբը՝ գլխաւորութեամբ Աւետիս Պոյամեանի, ծրագրած էր երեք օրուան յայտագիր մը, ներառեալ այցելութիւն Պոսթընի Եղեռնի յուշարձանը: Այստեղ է որ առնուեցաւ ընտանեկան խմբանկարը: Այդ օր բոլոր մասնակցողները հագուեցան ճերմակ շապիկ մը, որուն վրայ տպուած էր Զէյթունի քարտէսը, որովհետեւ բոլորին ալ նախնիները ծնունդ առած են Կիլիկիոյ հիւսիսը գտնուող այս պատմական քաղաքէն: