ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ երկրորդ երեխայի ծննդեան միանուագ նպաստը եռապատկելու մասին բանաձեւին: «Արմէնփրէս»ի փոխանցումով, ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Մանէ Թանդիլեան նշեց, որ առաջարկուող որոշումին նախագիծով՝ երկրորդ երեխայի ծննդեան միանուագ նպաստը պիտի կազմէ 150 հազար դրամ՝ ներկայի 50 հազար դրամին փոխարէն:
Որոշումը ուժի մէջ կը մտնէ 2018ի Յունուար 1էն եւ պիտի ընդգրկէ այն պարագաները, երբ երեխան կը ծնի 2018ի Հոկտեմբեր 1ին կամ անկէ ետք:
«Սոյն որոշումով կը ցանկանք հաղորդագրութիւն յղել, թէ երկրորդ երեխայի ծնունդը ռազմավարական նշանակութիւն ունի պետութեան համար եւ հակում ցոյց կու տայ, թէ անհանգստանալու խնդիր կայ, ուստի՝ պէտք է երկրորդ երեխայի ծնունդին վերաբերիլ ամենայն պատասխանատուութեամբ», ըսաւ Թանդիլեան:
Անոր խօսքով՝ որոշումը իրականացնելու համար պետութիւնը այս տարուան ընթացքին պիտի յատկացնէ 350 միլիոն դրամ, որուն մէկ մասը՝ նախարարութեան խնայողութիւններու հա-շիւին:
Իր հերթին, առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան կարեւոր համարեց սոյն որոշումին ընդունումը եւ նշեց, որ ունինք ծնունդներու անկման միտում: Ըստ անոր՝ 2016ին ծնունդներու թիւը եղած է 40,800, իսկ 2017ին՝ 38 հազար:
Իսկ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առթիւ ըսաւ. «Յոյս ունիմ՝ միւս տարի կը պարզուի, թէ յատկացուող գումարները չեն բաւաւարեր, եւ անհրաժեշտ է տրամադրուող միջոցները աւելցնել»:
Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան իր կարգին առաջարկեց զոյգ երեխաներու ծնունդի պարագային՝ երկրորդ եւ երրորդ երեխայի հանրագումարը կրկնապատկել, այսինքն՝ ընդհանուր ծնողները ստանան 2 միլիոն 300 հազար դրամ: Վարչապետ Փաշինեան նաեւ առաջարկեց առաջին երկու երեխաներուն՝ զոյգ ըլլալու պարագային եւս նման կարգ սահմանել, ինչ որ արժանացաւ կառավարութեան անդամներու հաւանութեան:
Վարչապետը նախարար Թանդիլեանին յանձնարարեց ներկայացուած նախագիծին ընդունումը յետաձգել եւ յաջորդ շաբթուան ընթացքին ներկայացնել լրամշակուած նախագիծ: