ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Կառավարութիւնը իր Հինգշաբթի, 6 Սեպտեմբերի նիստին նշանակեց Հանրային խորհուրդի կազմը, որ կը բաղկանայ հետեւեալ անդամներէն՝ Վազգէն Մանուկեան (հանրային խորհուրդի գործող նախագահը), Արմէն Տէր-Տաճատեան, Անահիտ Աղոյեան, Կառլոս Ղազարեան, Յովիկ Մուսայելեան, Յովհաննէս Յովհաննիսեան, Բաբկէն Պիպոյեան, Վարդան Ազատեան, Յարութիւն Մեսրոբեան, Գագիկ Գինոսեան, Նարինէ Խաչատուրեան (Թուխիկեան), Աշոտ Յակոբեան, Եուրիկ Ջաւադեան, Արկադի Տէր-Թադեւոսեան, Հրանտ Աբրահամեան:
Հանրային խորհուրդը ունի խորհրդատուական մարմնի կարգավիճակ: