ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Կիրակի, Սեպտեմբեր 9ին, երեք տարուան ընդմիջումէ ետք, Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցիին մէջ՝ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին կողմէ, անգամ մը եւս պատարագ պիտի մատուցուի:
Այլոց կողքին, պատարագին պիտի մասնակցին նաեւ Թուրքիոյ կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, գլխաւորութեամբ՝ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Նուրի Էրսոյի:
Պոլսոյ պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան ըսած է, որ պատարագին ներկայ պիտի ըլլան զբօսաշրջութեան նախարարութենէն ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ տարբեր շրջաններէ քաղաքացիներ ու բազմաթիւ պոլսահայեր:
«2011ի պատարագին մասնակցած էր 7000 հոգի: Այս տարի չենք ակնկալեր, որ այդքանի հասնի թիւը, սակայն նոյնիսկ եթէ 2000-3000 հոգի մասնակցի, մեզ համար զգալի թիւ է ատիկա: Որքան տեղեակ ենք, այժմ Վան քաղաքին մէջ մեծ ոգեւորութիւն կը տիրէ. սպառած են արդէն պանդոկներու մէջ տեղեր ապահովելու կարելիութիւնները: Այս կը նշանակէ, որ բաւական մեծ պիտի ըլլայ պատարագի մասնակիցներուն թիւը», աւելցուցած է ան:
Թուրքիոյ կառավարութիւնը, 2010ին, Ս. Խաչ եկեղեցին վերաբացած էր թանգարանի կարգավիճակին տակ եւ արտօնութիւն տուած էր, որ տարին միայն մէկ անգամ պատարագ մատուցուի հոն։ Սակայն, վերջին երեք տարիներուն, թրքական իշխանութիւնները արգիլած էին պատարագ մատուցանելը՝ «ապահովական նկատառումներով»։