ՊԱՔՈՒ, «Թրենտ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան նշանակած է Ըրլ Լիցընպըրկըրը։
Սպիտակ տան տարածած հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի, որ քալիֆորնիացի Լիցընպըրկըրը արտաքին գործոց նախարարութեան երկար տարիներու դիւանագէտ մըն է, որ աշխատած է Աֆղանիստանի, Սերպիոյ եւ Ղրղզստանի մէջ, իսկ ներկայիս կը զբաղեցնէ նախարարութեան ռազմաքաղաքական հարցերով գրասենեակի աւագ խորհրդականի պաշտօնը: Անգլերէնի կողքին, ան կը տիրապետէ ֆրանսերէնին, ռուսերէնին, սերպերէնին եւ պուլկարերէնին: