Ռոտ Այլընտի Հայ մշակութային կեդրոնը Հայաստանի Հանրապետութեան 100մեակին առթիւ յատուկ ձեռնարկներուն ընթացքին կրցաւ 10,000 տոլար հաւաքել եւ նուիրել ՀՕՄի վիրաւոր զինուորներու հիմնարկին:
Մայիս 28ին, հովանաւորութեամբ Փրովիտընսի ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան եւ Ռոտ Այլընտ նահանգի Հայ մշակութային հաստատութեան կազմակերպութեամբ, Սուրբ Պօղոս Պետրոս կաթողիկէ տաճարին մէջ տեղի ունեցած էր հանրային համերգ մը՝ նուիրուած Հայաստանի Ա Հանրապետութեան 100ամեակին: Նախապէս, Մայիս 6ին, Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Փրովիտընսի «Քրիստափոր» կոմիտէութիւնը նշած էր այդ կարեւոր 100ամեակը:
Շաբաթ, 25 Օգոստոսին, Ռոտ Այլընտի Հայ մշակութային կեդրոնի նախագահ Յակոբ Տօնոյեան եւ 100ամեակի կազմակերպիչ մարմինի ներկայացուցիչ Լեւոն Աթթարեան այցելեցին ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակ եւ յանձնեցին գումարը: