ԵՐԵՒԱՆ.- Նկատի ունենալով որ Վերաքննիչ քրէական դատարանը ճանչցած է պաշտօնաթող նախագահի անձեռնմխելութիւնը, Յատուկ քննչական ծառայութիւնը (ՅՔԾ) Ռոպերթ Քոչարեանի անձնագիրը պահելու իրաւունք չունի, յայտարարեցին Քոչարեանի պաշտպան փաստաբանները Չորեքշաբթի, 5 Սեպտեմբերոին հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
Օգոստոս 4ին ՅՔԾ տեղեկացուցած էր, որ Քոչարեանի անձնագիրը կը գտնուի ծառայութեան մօտ: ՀՔԾ խօսնակ Մարինա Օհանջանեանը «Սիւիլնեթին» յայտնած է, որ «Ռոբերտ Քոչարեանը տեղաշարժուելու որեւէ սահմանափակում չունէր, այդ թւում՝ արտասահման գնալու: ՀՀ քաղաքացու անձնագրի մասին օրէնքում կայ դրոյթ, որ մեղադրեալի անձնագիրը պահւում է նախաքննական մարմնում, սակայն Սահմանադրական դատարանի որոշմամբ այդ դրոյթը ճանաչցուած է հակասահմանադրական, այսինքն՝ քննչական մարմինը չունի որեւէ իրաւունք անձնագիրը պահել իր մօտ», յայտարարեց Քոչարեանի պաշտպաններէն Արամ Օրբէլեան:
Նշենք, որ ՅՔԾ որոշած է Քոչարեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրել ստորագրութիւնը չհեռանալու մասին: