ՊԱՔՈՒ, «Թրենտ».- Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը Սեպտեմբեր 5ին կանչուած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր անոր յանձնուած է նախարարութեան բողոքագիրը՝ ուղղուած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան, վերջերս Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած Ամերիկայի քաղաքացի Տեն Պիլզերեանի Արցախ այցելութեան առնչութեամբ:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Հիքմեթ Հաճիեւ ըսած է, որ Պիլզերեան Արցախի մէջ «զբաղած է անօրինական վարչակարգի քարոզչութեամբ, հակաիրաւական ճանապարհով ձեռք բերած է հրազէն եւ սադրիչ նպատակներով ցուցադրական կրակ բացած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերու դիրքերուն ուղղութեամբ»:
Հաճիեւ ազդարարած է, թէ Պիլզերեանի արարքները «վնաս կը պատճառեն Ատրպէյճանի ու Ամերիկայի միջեւ առկայ բարեկամական յարաբերութիւններու ոգիին», պահանջելով Միացեալ Նահանգներու կառավարութենէն, որ «ամենայն լրջութեամբ մօտենայ» Պիլզերեանի արարքներուն գծով Պաքուի մտահոգութեանց:
Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 31ին, Հաճիեւ յայտարարեց, որ Պիլզերեան պիտի ընդգրկուի Ատրպէյճանի «անբաղձալի անձերու սեւ ցանկ»ին մէջ, իսկ Օգոստոս 30ին, Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութեան քննչական վարչութիւնը քրէական գործ յարուցեց Պիլզերեանի նկատմամբ: