ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան խորհուրդ տուաւ անդրադառնալու Հայկ Մարութեանը փոխարինելու կարելիութեան:
«Կը կարծեմ, որ Հայկ Մարութեանը լաւ չէ ըմբռնած Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութեան պատճառն ու իմաստը եւ բարեկամաբար խորհուրդ կու տամ «Քաղաքացիական պայմանագիր»ին լրջօրէն անդրադառնալու իրենց ցանկը գլխաւորող թիւ մէկը փոխարինելու կարելիութեան», յայտնեց Արսէն Համբարձումեան՝ «Նիուզ»ի լրագրողին հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին:
Համբարձումեան կ՛անդրադառնար Հայկ Մարութեանի նախապէս ունեցած ելոյթին, ուր Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն «Իմ քայլը» դաշինքի առաջադրած Երեւանի քաղաքապետի թեկնածուն ընտրութիւններու ֆինանսաւորումը ապահովելու համար կազմակերպուած դրամահաւաք-երեկոյի ընթացքին յայտարարած էր, թէ՝ «Այսօր Հայաստանի մէջ իրավիճակը շատ պարզ է. կան սպիտակ ուժեր եւ կան սեւ ուժեր, վերջ: Ես կ՛ուզեմ պաշտօնապէս յայտարարել, հակառակ անոր որ գիտէք, բայց պէտք է ըսեմ. այո՛, մենք սպիտակ ուժերն ենք, իսկ բոլոր անոնք, որոնք չեն փափաքիր մեր յաջողութիւնը, կրնամ ըսել, որ սեւ ուժերն են: Որովհետեւ մենք եւ մեր յաջողութիւնը Հայաստանի յաջողութիւնն է: Մեզմէ ոչ ոք անձնական շահեր կամ անձնական ձգտումներ ունի»:
Մարութեանը նշած էր նաեւ, որ իրենք դրամահաւաքը կազմակերպած են իրենց քաղաքական պայքարը շարունակելու համար, եւ Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն մասնակցող իրենց խումբը ուժեղ է: «Կրնամ նոյնիսկ ըսել, թէ մեր խումբին դէմը խաղ չկայ», շեշտած էր ան: