ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Պետական եկամուտներու կոմիտէի (ՊԵԿ) քննչական վարչութեան գիւղատնտեսական մթերք արտահանող «Սպայկա» ընկերութեան կողմէ հարկային պարտաւորութիւններու պակաս հաշուարկման առթիւ բացած քրէական գործի նախաքննութեան ընթացքին ընկերութեան կողմէ ինքնուրոյն հաշուարկուած են թերյայտարարագրուած հարկային պարտաւորութիւնները եւ անոնց վերաբերեալ հարկային մարմին ներկայացուած են ճշգրտուած համապատասխան հաշուարկներ:
Պետեկամուտներու կոմիտէն այս քրէական գործով որոշում կայացուցած է «Սպայկա»ի նկատմամբ քրէական հետապնդում չիրականացնել: