ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Պուրճ Համուտի կեդրոնական թաղերէն մէկուն մէջ, Օգոստոս 31ին, թաղեցիներու եւ հայ բնակիչներու միջեւ տեղի ունեցած բախումի մը ընթացքին արձանագրուեցան զոհ եւ վիրաւորներ. այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»ը:
Արդարեւ, թաղեցիները անարգական խօսքեր եւ լուտանք արձակած են հայորդիի մը հասցէին, որ իր կարգին պատասխանած է այդ անարգական խօսքերուն, ինչ որ պատճառ դարձած է, որ թաղեցիներէն մէկը սպաննէ դէպքին միջամտած հայորդիներէն՝ Խոսրով Քիւրտեանը: Իբրեւ հակազդեցութիւն այս ահաւոր ոճիրին, շրջանէն հայ երիտասարդներ հալածած են դէպքին պատճառ դարձած եւ հայութիւնը անարգած ոճրագործները. տեղի ունեցած է դանակներով բախում, որուն իբրեւ հետեւանք սպաննուած է մէկ անձ եւ արձանագրուած են քանի մը վիրաւորներ, որոնք փոխադրուած են հիւանդանոց:
Հայ վիրաւորներէն մէկը անմիջական բուժում ստանալէ ետք դուրս եկած է հիւանդանոցէն, իսկ երկու այլ վիրաւորներ ենթարկուած են գործողութեան: Անոնց կեանքին վտանգ չի սպառնար:
Դէպքին վայրը հասած են կուսակցական պատասխանատուներ. իրավիճակը վերահսկողութեան տակ առնուած է: Կուսակցական պատասխանատուները պետական ապահովական սպասարկուներէն պահանջած են խստագոյն միջոցառումներ որդեգրել՝ դէպքի հրահրիչներն ու ոճիր գործած տարրերը պատժելու եւ նման միջադէպերու կրկնութիւնը կանխարգիլելու համար:
Սեպտեմբեր 2ին կատարուեցաւ Խոսրով Քիւրտեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը՝ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Հայկական երեսփոխանական խմբակցութեան անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, Ազգային իշխանութեանց պատասխանատուներու ու շրջանի հայորդիներու հոծ բազմութեան մը:
ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէին անունով դամբանական խօսք արտասանեց Սագօ Մարտիրոսեան, որ դրուատեց ոճիրին զոհ գացած հայորդիին ազգային բարձր գիտակցութիւնը՝ նշելով, որ հակառակ անոր որ Խոսրով Քիւրտեան կուսակցական չէ եղած, սակայն լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին Դաշնակցութեան ընդմէջէն մասնակցած է Պուրճ Համուտի հայկական թաղերու ինքնապաշտպանութեան: Այդ ընթացքին ալ ծանր կերպով վիրաւորուած էր ան: Տիպար հայ մարդ՝ ան միշտ եղած է ՀՅԴի կողքին եւ ընդառաջած է անոր բոլոր կոչերուն: Մարտիրոսեան մաղթեց, որ հանգուցեալի հոգին միանայ Դաշնակցութեան մեծ նահատակներու հոգիներուն: