ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Հայաստանի օրէնսդիր, գործադիր ու դատական իշխանութեան մարմիններու մէջ կ՛աշխատի 17,441 մարդ: Այս թիւը չի ներառեր քաղաքապետարաններու ու գիւղապետարանների աշխատակիցները, զինուորները, ոստիկանները, ուսուցիչները, փրկարարները, պետական հիուանդանոցներու բժիշկներն ու այլ աշխատողները:
Թիւը, ի դէպ, 730 հոգիով կամ 4 տոկոսով կրճատած էր նախկին վարչապետ Կարէն Կարապետեանը: 483 հոգիով կրճատուել էր ՊԵԿ աշխատողներու թիւը՝ 3252էն իջնելով 2769ի:
Պետական աշխատակազմին մինչեւ յեղափոխութիւն կը սպասարկէ 874 մեքենայ:
Ընդհանուր առմամբ, ՀՀ օրէնսդիր, գործադիր ու դատական իշխանութեան մարմիններու պահպանման համար 2018ի պիւտճէով նախատեսուած է 89,6 միլիառ դրամ:
Վարչապետ Նիկոլ փաշինեան յայտարարած է, որ իր կառավարութիւնը պիտի յաւելեալ կրճատումներով նուազեցնէ պետական պաշտօնեաներու թիւը: