ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- «Երեւան» հիմնադրամի չարաշահումներու գործով պիտի հարցաքննուի Երեւանի նախկին քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը: Այս մասին Երեքշաբթի, 4 Սեպտեմբերին լրագրողներուն յայտնեց Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն Արթուր Վանեցեան:
«Հաստատ հարցաքննուելու է, իսկ հարցաքննութեան օրը կ՛որոշի քննութիւնը: Քննչական խմբի ղեկավարը ինքը կ՛որոշի, երբ կը հրաւիրի հարցաքննութեան», նշեց ԱԱԾ տնօրէնը, աւելցնելով, որ հարցաքննութեան նպատակայարմարութիւնը կ՛որոշէ քննչական խումբը, իսկ ինք քննչական խումբի գործունէութեան չի խոչընդոտեր եւ չի խառնուիր: