ԵՐԵՒԱՆ, «Հրապարակ».- «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան անդամ, «ՔՊ» խօսնակ Վահան Կոստանեան յայտնեց, որ «Իմ քայլը» դաշինքի նախընտրական դրամահաւաք-երեկոյի ընթացքին հանգանակուած է 22 միլիոն 198 հազար 652 դրամ:
«Ունենք նաեւ եւս 20 միլիոն դրամի նուիրատուութեան խոստում», ըսաւ Կոստանեան, աւելցնելով, որ հրաւիրեալների թիւը եղած է մօտ 300:
Նուազագոյն նուիրատուութեան չափը եղած է 5 հազար դրամ, ամէնէն մեծը՝ մի քանի միլիոն դրամ:
Գործարար շրջանակներէն եղած են որոշ թիւով անձեր, որոնց շարքին Վահան Քերոբեան՝ Menu.am-էն