ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, անդրադառնալով «Իմ քայլը» դաշինքի քաղաքապետի թեկնածու Հայկ Մարութեանի յայտարարութեան՝ «սպիտակ եւ սեւ ուժերու» մասին, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ այդ հարցի գծով թիւրըմբռնում կայ:
«Հայկ Մարութեանն ինքն էլ ընդունել է, որ որոշ ձեւակերպումներ այդքան էլ ճիշտ չեն եղել, ցանկացած քաղաքական յայտարարութիւն Հայաստանում պէտք է տեղաւորուի սիրոյ եւ համերաշխութեան տրամաբանութեան մէջ», նշել է վարչապետը:
Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն «Իմ քայլը» դաշինքի քաղաքապետի թեկնածու Հայկ Մարութեանի Սեպտեմբեր 2ին հանգանակային ձեռնարկի մը ընթացքին ունեցած ելոյթը «սեւերու ու սպիտակներու» մասին քննադատութեան ալիք բարձրացուցած էր:
«Ցանկացած քաղաքական յայտարարութիւն Հայաստանում պէտք է տեղաւորուի սիրոյ եւ համերաշխութեան տրամաբանութեան մէջ». պէտք էր Փաշինեան աւելցնէր՝ «իմ օրինակին հետեւելով»…: