ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Օգոստոս 30ին, Ատրպէյճան հետախուզութիւն յայտարարեց ամերիկահայ միլիոնատէր, համացանցի ընկերային ցանցերու վրայ միլիոնաւոր հետեւորդներ ունեցող «Փոքերի արքայ» Տեն Պիլզերեանի նկատմամբ, անոր Արցախ այցելութեան կապակցութեամբ։
«Գլխաւոր դատախազութիւնը տեղեկութիւններ ստացած է, թէ Պիլզերեան այցելած է Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքները եւ ցուցադրաբար կրակ բացած տարբեր զինատեսակներէ», կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, ըստ որոնց՝ յարուցուած է քրէական գործ, որ պիտի հետապնդուի Ատրպէյճանի դատախազութեան ծանր յանցագործութիւններով զբաղող վարչութեան կողմէ:
Ինչպէս նախապէս տեղեկա-ցուցած էինք, Պիլզերեան անցած շաբաթավերջին, իր անձնական նախաձեռնութեամբ այցելած էր Արցախի Հանրապետութիւն, իսկ Երկուշաբթի, 27 Օգոստոսին, ներկայացած էր Հայաստանի Զինուած ուժերու վարչութիւն եւ արձանագրուած էր իբրեւ բանակի պահեստային զինուոր: Ան նաեւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած է:
Յատկանշական է, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը, պատասխանելով այս մասին հարցումի մը՝ Օգոստոս 29ին յայտնած էր, թէ «նման անլուրջ մարդոց նման ծաղրածուական արարքները մեկնաբանելու անհրաժեշտութիւն չկայ»։