ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 30 Օգոստոսին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովա մեկնաբանեց Հարաւային Կովկաս այցելած Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի յայտարարութիւնը՝ Արցախի հակամարտութեան վերաբերեալ:
Յիշեցնենք, որ Մերքել յայտարարած էր, թէ Գերմանիա պատրաստ է նպաստելու Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման ու այս գծով պատասխանատուութիւն ստանձնելու։
Զախարովա ըսաւ. «Կը կարծեմ, որ այս գծով որոշում պէտք է կայացնեն այն երկիրները, որոնք անմիջականօրէն ներգրաւուած են հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ: Նման քայլեր պէտք է առնուին գործող ձեւաչափի արդիւնաւէտութեան գիտակցութեամբ: Նմանօրինակ յայտարարութիւնները պէտք է դիտարկել այս ամբողջութեան մէջ»: