ԽԱՉԻԿ ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Գաղտնիք չէ արդէն, որ ապրիլեան թաւշեայ յեղափոխութեամբ, հայ ժողովուրդը իր արդի պատմութեան կարեւորագոյն նուաճումներէն մէկը արձանագրեց՝ կոտրելով աւատապետական համակարգի ճնշիչ օղակը ու վերցնելով ինքնիշխանութեան ա՛յն ձեռնոցը, որ գետին շպրտուած մնացած էր արդէն իսկ աւելի քան քսանամեակ մը:
Ցաւօք, հայ քաղաքական աւագանին միայն թերի ներկայացուցչութեամբ կրցաւ քայլ պահել ժողովրդային պատմական այս ոստումին հետ, եւ եղան ոմանք, որոնք ոչ միայն խուլ մնացին հասարակութեան արդար պոռթկումին, այլ ծառացան ու կը շարունակեն ծառանալ անոր դէմ: Ահա այսօր, միեւնոյն այդ քաղաքական ուժերը, հակառակ իրենց ռազմաշունչ ելոյթներուն, կը դիմագրաւեն խիստ լուրջ մարտահրաւէրներ, որոնցմէ ամէնէն հրատապը կը կայանայ հետեւեալ հարցադրման մէջ. Մնա՞լ անցեալի անհեթեթ դիրքերուն վրայ, իմա հին ռեժիմի ապականած կլիմային մէջ, թէ սեփական վերաքննութեան, ախտաճանաչման ու ինքնասրբագրման ճամբով փորձել վերագտնել հանրութեան բազկերակը ու անսալ անոր թելադրանքներուն:
Առաջին ընտրանքը զինք որդեգրող քաղաքական ուժերը կրկնակի տարողութեամբ ետ պիտի մղէ դէպի յետադիմութեան առաւել խոր նկուղները, ուր սեփական թէզն ու կողմնորոշումը արդարացնելու համար թռիչք պիտի առնեն դաւադրական նոր տեսութիւններ, պիտի փնտռուին քաւութեան նոր նոխազներ, պիտի ստեղծուին երեւակայական նոր թշնամիներ, եւ փորձեր պիտի ըլլան զօրաշարժ կատարելու այդ երեւակայական թշնամիներուն դէմ: Աւելի՛ն, ողջ ժողովուրդի զզուանքին արժանացած երկրի կառավարման նախկին կիրառումները պիտի ներկայացուին որպէս ժամանակի անխուսափելի անհրաժեշտութիւններ, անոնց հեղինակները՝ որպէս ազգանուէր մարտիրոսներ, մինչ հրապարակը իր բազմահազար հայորդիներով պիտի համարուի մոլեգնած ու տգէտ ամբոխի հաւաքավայր: Վերջապէս, այս խրամին մէջ բոլոր քննադատութիւնները դաւաճանական արարքներ պիտի սեպուին, անդին՝ ո՛չ իսկ անդրադարձ մը պիտի ըլլայ անոնց տուն տուող իսկական պատճառներուն։
Երկրորդ ընտրանքը, ի հակասութիւն առաջինին, համարձակութիւն ենթադրող նախաձեռնութիւն մըն է, որ վերատեսութեան ու խոկումի կնճռոտ գործընթացի մը պիտի մատնէ խնդրոյ առարկայ քաղաքական ուժերը: Հոս, անհրաժեշտութիւն կայ ձերբազատուելու «թապու»ներու ու անսխալական ըլլալու բարդոյթներէն ու անաչառ տրամադրութիւններով քննելու սեփական վարքի ու գործունէութեան ժամանակակից մատեանը: Նման քննութիւններով եւ համապատասխան դարմանումներով միայն կարելի պիտի ըլլայ մեկնարկել շրջադարձային հոլովոյթի մը սկզբնական հանգրուանը: Այս ճամբարին մէջ առաքելութիւնը խիստ դժուար է, բայց միաժամանակ՝ անյետաձգելի, վերստին վաստակելու համար ժողովուրդի վստահութիւնն ու համակրանքը, այնուհետեւ՝ վերականգնելու այն քաղաքական վարկը, որ ժամանակ առ ժամանակ մսխուած է Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան օրօք:
Յիշեալ քաղաքական ուժերը, թէեւ ցայժմ զբաղած են յեղափոխութեան նսեմացման ու խեղաթիւրման աշխատանքով եւ «տէ ֆաքթօ» արդէն կատարած են իրենց ընտրանքը, այնուամենայնիւ դեռ կարելի չէ վարագոյրը ամբողջովին իջած համարել օրուան քաղաքական բեմին վրայ: Հետեւաբար, թերեւս վերջին առիթ մը տակաւին գոյութիւն ունի զգաստանալու եւ տատանող նաւերը ուղղելու դէպի ժողովուրդի կամարտայայտութեան հարազատ փարոսները:
Հոյակապ է գրուած` կը ստորագրեմ յուրաքանչիւր բառի տակ:
Կեցցե՛ք պարոն Խաչերեան: