– Հարաւային Քորէայի բնակչութիւնը մտահոգող գլխաւոր հարցը կենսոլորտի ապականումն է, մինչ դրացի Հիւսիսային Քորէայի հիւլէական ծրագիրը այդ ցանկին վրայ միայն 6րդ դիրքը կը գրաւէ։
– Միացեալ Նահանգներու քաղաքային շրջաններուն մէջ տարեկան միջին հաշուով 28 միլիոն ծառեր արմատախիլ կ՛ըլլան։
– 2017ին, Նիւ Եորքի յարկաբաժիններուն միջին գինը առաջին անգամ ըլլալով 2 միլիոն տոլարի սահմանը անցած է, մինչ բազմայարկ յարկաբաժիններուն միջին գինը հասած է 6.28 միլիոն տոլարի։