ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Սուրիոյ հարցերով ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տէ Միսթուրա, սուրիական տագնապը քննարկելու նպատակով Ժընեւ հրաւիրած է Իրանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչները:
ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի մամլոյ խօսնակին յայտարարութեան համաձայն՝ Սեպտեմբեր 11-12ին ծրագրուող սոյն վեհաժողովի օրակարգին վրայ պիտի ըլլայ Սուրիոյ նոր սահմանադրութեան համար յանձնաժողով կազմելու հարցը: