ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ատրպէյճանի Նապրան քաղաքին մէջ զուարճութեան հանդիսութիւն մը ոստիկաններու կողմէ խափանուեցաւ, որովհետեւ հանդիսութեան ընթացքին նուագուած էր հայկական երաժշտութիւն մը։ Ըստ ատրպէյճանական մամուլին՝ մասնակիցները շատ զայրացած են, երբ հայկական երաժշտութիւն մը սկսած է նուագուելու եւ ոստիկանութեան դիմած են։ Ոստիկաններ վրայ հասնելով՝ անմիջապէս դադրեցուցած են հանդիսութիւնը, իսկ նուագողը տասը օր հսկողութեան տակ պահելու վճիռ արձակուած է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.