ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Գերմանական Վիսպատեն քաղաքի իշխանութիւնները Օգոստոս 28ին որոշեցին եւ նոյն երեկոյեան իսկ վերցուցին արուեստներու փառատօնի մը ծիրէն ներս քաղաքին մէջ տեղադրուած Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի չորս մեթրնոց արձանը, որ ապահովական գլխացաւեր սկսած էր յառաջացնելու:
Երեքշաբթի երեկոյեան, արձանի կողքին, Էրտողանի կողմնակիցներուն եւ հակառակորդներուն միջեւ սկսած էին սուր վէճեր, որոնց մէկ մասը ծեծվռտուքի վերածուած էր:
«Արուեստը պարտաւոր է ցոյց տալ, թէ ինչ տեղի կ՛ունենայ», յայտարարած է փառատօնի կազմակերպիչներէն մէկը՝ նշելով, որ իրենց նպատակն էր արտայայտուելու ազատութեան սահմաններուն մասին քննարկումի սկսիլ։
Տեղական կառավարութեան ներկայացուցիչ Լիւսիա Փութրիխ քննադատած է եղածը։ Յիշեցնելով Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան նահանջը՝ ան ըսած է. «Այս մարդը (Էրտողան) պատուանդանի արժանի չէ՛»: